1. ԻՆՉՊԵ՞Ս ՕԳՏՈՒԻԼ «ԽՈՐԱՑՈՒԱԾ ՈՐՈՆՈՒՄ» ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԷՆ
Սեղմէ՛ «Խորացուած որոնում» կոճակը, «Բոլոր դաշտերը» բացուող ցանկէն ընտրէ՛ նիւթին նկարագրութեան համապատասխան դաշտը (Վերնագիր, Ստեղծողը, Խորագիր, Ամսագիրի կամ հրապարակման վերնագիր...), այնուհետեւ «Գրէ՛ հարցումդ» դաշտում մուտքագրէ՛ բառ կամ արտայայտութիւն, անհրաժեշտութեան դեպքում միավորէ՛ որոնման դաշտերը տրամաբանական AND, OR գործողութիւններով, եւ սեղմէ՛ «Փնտռում»։
2. ԻՆՉՊԵ՞Ս ԿԱՏԱՐԵԼ ՓՆՏՌՈՒՄ «ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐՈՒՆ» ՄԷՋ
«Հաւաքածոներ» բաժնում սեղմէ՛ համապատասխան բաժինը (Գիրքեր, Յօդուածներ...), սեղմէ՛ «Փնտռէ հաւաքածոյին մէջ» կոճակը, այնուհետեւ ակտիվացնելով «Զտիչներ»-ը, կը տեսնեք խմբավորուած նիւթերը տարբեր բնութագրիչներով դիտելուն ընտրանքները։ Եթե ընտրեք «Խմբային նիւթերը», ապա աջ բացուած պատուհանին մէջ կը տեսնեք ամսագրերու վերնագիրները, յօդվածներուն համապատասխան քանակներով։ Ընտրելով անհրաժեշտ վերնագիրը, կր բացուին նկարագրուած յօդվածները իրենց պատկերակներով։
3. ՈՐՈՆՄԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆԸ
Որոնում որպէս մէկ արտայայտութիւն
Եթէ որոնուող բառերուն միջեւ այլ բառեր չպէտք է ըլլան, այսինքն գրառման մէջ բառերը պէտք է յաջորդեն միմեանց, ապա փնտռուող արտայայտութիւնը պէտք է առնել կրկնակի չակերտներու մէջ։ Օրինակ՝ "Աւետիսեան Արա"։
Որոնում ըստ ներդրուած նշաններու (Wildcard Searches)
? – Որոնում ըստ մէկ նիշի։ Կը փնտռէ այն բոլոր բառերը, որոնց մէջ կը փոխուի միայն մէկ տառ։ Օրինակ՝ Շիրա? հարցումին արդիւնքն են Շիրակ, Շիրազ բառերը պարունակող գրառումները։ Լոն?ոն հարցումին արդիւնքն են Լոնդոն, Լոնտոն բառերը պարունակող գրառումները։
* - Որոնում ըստ բազմակի նիշերու։ Կը փնտռէ այն բոլոր բառերը, որոնց մէջ կը փոխուին մէկէն աւելի տառեր։ Օրինակ՝ բան*ր հարցումին արդիւնքն են բանվոր, բանբեր, բանաձեվեր, բանավոր բառերը պարունակող գրառումները։
Օրինաւոր չէ գործածել * կամ ? նշանները որպէս փնտռման առաջին նիշ։
Պուլեան գործարկուներ (Boolean operators)
AND գործարկուն կը գտնէ այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ միաժամանակ կան մուտքագրուած բոլոր եզրերը։ Օրինակ՝ “Համբարձումյան” AND “մեխանիկա”
AND-ի փոխարէն կարելի է գործածել && գործարկուն։
OR-ը կը գտնէ այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ կայ եզրերէն առնուազն մէկը։ Օրինակ՝ “Մծբնի” OR “Հյուսիսային”
OR-ի փոխարէն կարելի է գործածել || գործարկուն։
NOT-ը կը գտնէ այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ NOT-ին յաջորդող բառը չկայ։
“Մծբնի” NOT “Էջմիածին”
NOT-ի փոխարէն կարելի է գործածել ! նշանը։
+ գործարկուն կը պահանջէ որ “+”-ին յաջորդող բառը պարտադիր ըլլայ փաստաթուղթին մէջ։
+Մծբնի Էջմիածին
Վերոբերեալ հարցումը կը գտնէ այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ պարտադիր կայ Մծբնի բառը, իսկ Էջմիածին բառը կրնայ ըլլալ կամ ոչ։
Խմբաւորում
Ստորեւ բերուած հարցումին պարագային կʼարտածուին այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ կայ Համբարձումյան կամ մեխանիկա բառը, եւ այդ գրառումներուն մէջ պարտադիր է նաեւ Դիլիջան բառը։
(Համբարձումյան OR մեխանիկա) AND Դիլիջան
Անորոշ որոնումներ
Բառին վերջը դրուած ~ նշանը կը թելադրէ համակարգին գտնել այն բոլոր գրառումները, որոնց մէջ կան հարցումին մէջ եղածին նման բառեր։ Եթէ կայ նմանութեան աստիճանը բնորոշող լրացուցիչ գործակից մը (արժէքը 0-էն 1 տիրոյթի մէջ), կը յստակեցուի նմանութեան չափը։ Գործակիցին արժէքը որչափ մօտ ըլլայ 1-ին, այնչափ գտնուած բառերը միմեանց նման կʼըլլան։ Օրինակ՝ անձրեւ~0,8
Եթէ որեւէ արժէք նշուած չէ, լռելեայն արժէքը 0,5-ն է։