Նկարագրութիւն

«Բաց գիտութիւնը» կը վերածուի համընդգրկուն շարժումի, եւ ՀՀ ԳԱԱ Հիմնարար գիտական գրադարանը կը ձեւաւորէ թուանշային հաւաքածուներու կենսունակ հանգոյց մը՝ իրականացնելու համար քայլեր որ կը նպաստեն տեղեկոյթի բաց եւ ճկուն հասանելիութեան ապահովման՝ եւ բաց գիտելիքի ստեղծման: Այս նպատակներուն հասնելու համար՝

  • կը թուայնացնենք եւ հասանելի կʼընենք գիտական բովանդակութիւնը եւ մշակութային ժառանգութեան եզակի նմոյշները՝ այսու գիտելիքը, գիտական եղանակները, տուեալները եւ ապացոյցները ազատօրէն ամէնքին մատչելի ընելով․
  • կʼաջակցինք հետազօտական տուեալներու կենսաշրջանին՝ յատկապէս կարեւորելով տուեալներու երկարաժամկէտ պահպանումը եւ բազմակի օգտագործումը․
  • կը խթանենք միջազգային գիտական համագործակցութիւնը․
  • կʼապահովենք «բաց գիտութեան» մշակոյթի ձեւաւորումը․
  • կʼարագացնենք գիտական համագործակցութիւնը եւ տեղեկոյթի անարգել փոխանակումը՝ ի նպաստ գիտութեան եւ ի բարօրութիւն հասարակութեան:

Այս էջը կ'օգտագործէ 'cookie-ներ'։ Յաւելեալ տեղեկատուութիւն