@misc{Abrahamian_Serob_Street, author={Abrahamian, Serob}, address={Պէյրութ}, howpublished={online}, publisher={տպ. Atlas}, language={en}, abstract={Յօդուածը կը քննարկէ փողոցներու եւ հանրային հրապարակներու, զբօսավայրերու անուանափոխութեան ընթացքը, պատճառները եւ անուններուն ազդեցութիւնը ազգային ինքնութեան վրայ: Հեղինակը կը նշէ թէ փողոցներու անուանափոխութիւն տեղի կ'ունենայ երբ նոր վարչակարգ մը իշխանութեան անցնի: Նոր իշխանութիւնը կը ջանայ առկայ տարբեր ձեւերով իր գաղափարախօսութիւնը հաստատել ու տարածել բնակչութեան վրայ: Այս նպատակին հասնելու միջոցներէն կը նկատուի փողոցներու, հրապարակներու, հանրային վայրերու եւ զբօսավայրերու անուանափոխութիւնը: Հեղինակը ապա կ'անդրադառնայ Հյաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կատարուած Երեւանի կարգ մը փողոցներու անուանափոխութեան: Ան կը հարցապնդէ տուեալ փողոցներու բնակիչներ եւ կը կատարէ եզրակացութիւններ, որոնք կը վերաբերին բնակիչներուն՝ իրենց բնակած փողոցներուն անուանատիրոջ մասին իրենց ունեցած գիտելիքին: Հեղինակը կը ջանայ նաեւ փոխկապակցութիւններ գտնել օտարանուն, մշակութային կամ զինուորական դէմքերու անուններ ունեցող փողոցներուն եւ համապատասխան բնակիչներուն պատասխաններուն միջեւ: Հուսկ, հեղինակը կը հաւաստէ թէ ուսումնասիրութիւնը կարիքն ունի ներգրաւելու աւելի մեծ թիւով հարցապնդուողներ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հիմնաւոր եզրակացութիւններ կատարել:}, title={Street Names In Yerevan And Their Effect On National Identity}, type={Հոդված}, keywords={Street names, Yerevan}, }