@misc{Messerlian_Zaven_The, author={Messerlian, Zaven}, address={Պէյրութ}, howpublished={online}, publisher={տպ. Atlas}, language={en}, abstract={Հեղինակը Հայկազեան հայագիտական հանեդէսի 39րդ հատորին մէջ անդրադարձած էր նախագահ Միշէլ Աունի նախագահութեան շրջանի 2018ի ընտրութիւններուն, իսկ այս գրութեան մէջ՝ 2022ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հեղինակը նախ նկարագրէ նախագահ Միշէլ Աունի վարչակարգին դիմագրաւած կառավարական եւ տնտեսական տագնապները եւ յատկապէս 17 Հոկտեմբեր 2019ի շարժումը, Պէյրութի նաւահանգիստի 4 Օգոստոս 2020ի պայթումը եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքներն ու մէջտեղ եկած բարեկարգչական շարժումը: Այսպիսի նախադրեալներով կայացան 15 Մայիս 2022ի երեսփոխանական ընտրութիւնները, գործող համեմատական օրէնքին վրայ: Լիբանահայութիւնը եւս իր յատուկ պայմանները ունէր, որոնց կ'անդրադառնայ հեղինակը, ապա կը ներկայացնէ թեկնածութիւններու յառաջադրանքը, ցանկերու կազմութիւնն ու ընտրապայքարը: ՀՅԴ ներկայացուց հինգ թեկնածուներ, 3ը՝ Պէյրութի մէջ, մէկական՝ Մեթնի եւ Զահլէի մէջ, յուսալով որ ասոնցմէ 4ը կ'ընտրուին: Մեթնի մէջ Ան ցանկ կազմեց Մըր ընտանիքին հետ, Պէյրութի մէջ՝ Ազատական հոսաքին հետ, իսկ Պեքայի մէջ՝ այս վերջիններուն եւ Հըզպալլայի հետ: ՀՅԴ յաջողեցաւ 3 երեսփոխան ունենալ, սակայն, ասոնցմէ մին՝ Ճորճ Պուճիքեան, դուրս դրուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքէն: ՍԴՀԿն ունեցաւ սեփական թեկնածու եւ Պէյրութի մէջ զինակցեցաւ Լիբանանեան ուժերուն հետ: Վերջինս պնդեց Ժիհատ Բագրատունին նոյն ցանկին վրայ պահել ու վերջինս ընտրուեցաւ, ստանալով նաեւ 208 հայկական քուէներ: Պառակտուած էր ՌԱԿը: Զարթօնք զօրակցեցաւ երեք թեկնածուներու, որոնցմէ Փոլա Եագուպեան, իր անհատական ջանքերով յաջողեցաւ ընտրուիլ: Իսկ «ՌԱԿի Շրջանային վարչութիւն» անունով գործողները հայ կուսակցութիւններուն զօրակցեցան: ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակը զօրակցեցաւ Ժան Թալուզեանին, որ յաջողեցաւ 779 հայկական քուէներու կողքին մեծ թիւով քուէներ ապահովել սիւննի համայնքէն եւ երեսփոխան ընտրուիլ:}, title={The Armenian participation in the Lebanese Legislative elections of 2022 during the presidencies of Michel Aoun (2016-2022)}, type={Հոդված}, keywords={Colonies, Elections, Lebanese-Armenians}, }