@misc{Pelczynski_Grzegorz_Armeniians, author={Pelczynski, Grzegorz}, address={Պէյրութ}, howpublished={online}, publisher={տպ. Atlas}, language={en}, abstract={Յօդուածը նուիրուած է լեհ աքսորական գրող Եոզէֆ Լոպոտովսքիի (1909-1988) ''Ուքրանական եռագրութիւն'' անուանուած վիպաշարքին մէջ հայկական ներկայութեան: Եռագրութիւնը - բաղկացած երեք վէպերէ - Komysze (Մացառուտ, 1955), W Stanicy (Յառաջագոյն դիրքը, 1958), Droga powrotna (Վերադարձի ճամփան, 1960), հիմնուած է փորձառութեան վրայ հեղինակին, որ իր պատանութիւնը՝ առաջին համաշխարհայինի եւ յաջորդող համայնավար յեղափոխութեան առաջին տարիները անցուցած է Քուպանի մէջ: Այս վէպերը լոյս տեսած են նախ արտասահմանի մէջ, 1955-61 տարիներուն, եւ միայն վերջերս - Լեհաստանի ապախորհրդայնացումէն ետք - Լեհաստանի մէջ, 2016-20ին: Յօդուածագիրը կը վիճարկէ թէ եռագրութեան մէջ հայերը լոկ արեւելեան յարդարանք մը չեն: Այլ, Լոպոտովսքի աւելի խորունկ նպատակ մը հետապնդած է ընդգրկելով հայերը, ջանալով հաւաստել թէ վէպին հերոսին՝ Սթաշ Մայեւսքիին եւ հայ Կրիշա Աշվայեանցին միջեւ հաստատուած բարեկամութիւնը չ'ենթադրեր լոկ անհաւատալի արկածախնդրութիւններու շարք մը, այլ կ'արտացոլացնէ տկարներու դաշինք մը՝ սպառնացող ուժերու դէմ: Այս դաշինքը միայն անձնական-անհատական բնոյթ չունի, այլ՝ հաւաքական ու ընդհանրական:}, title={Armeniians in Jozeff Lobodowski's the Ukrainian Trilogy}, type={Հոդված}, keywords={Գրականագիտութիւն}, }